2016-02-23 10:11:00

Ռուս-Ամերիկեան համաձայնութիւն` 27 Փետրուարին Սուրիոյ մէջ զինադուլը սկսելու։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրեան էջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 21 փետրուարի երեկոյեան դարձեալ քննարկած են Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատումը` կատարելով երկու յաւելեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ:

«21 փետրուարի երեկոյեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ տեղի ունեցած են երկու յաւելեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ: Անոնց ընթացքին տեղի ունեցած է Սուրիոյ մէջ զինադուլի յարաչափերու շուրջ համաձայնութեան ամբողջացում», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ բանակցութիւններու արդիւնքները զեկուցուած են Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինին եւ Պարաք Օպամային:

Աւելի ուշ, նոյն շրջագիծին մէջ «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ հրապարակուած է ամերիկեան-ռուսական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ 27 փետրուարէն սկսեալ Սուրիոյ մէջ պիտի գործէ զինադուլի դրութիւնը, որ կը բացառէ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ գործողութիւնները:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 21 փետրուարին սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած էր, որ պատրաստ է զինադուլի, սակայն պայմանաւ որ ատկէ պէտք չէ օգտուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զինեալները:








All the contents on this site are copyrighted ©.